2015-02-28 09:42:11

Ասորիներու Եունան պատրիարքը` Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Ասորիներու կաթողիկէ պատրիարքը` գերերջանիկ Եունան, խօսելով Սուրիոյ քրիստոնեաներու մասին, անոնց վիճակը որակած է ողբերգական եւ ցաւով յայտնած է որ արդէն իսկ կը խօսուի Սուրիոյ քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան մասին։

Պատրիարքը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կոչ ըրած է ի սպաս արդարութեան։ Միջազգային հասարակութիւնը, ՄԱԿը, Եւրոպական Միութիւնը, դժբախտաբար մեզ մատնեցին, անոնք միմիայն իրենց տնտեսական շահերը կը փնտռեն, դաշնակից են Արաբական Ծոցի ամենածայրայեղ ու կրօնամոլ պետութիւններուն ու մոռցած ժողովրդավարական իրենց սկզբունքները։

Միջին Արեւելքին մէջ մինչեւ որ բացայայտ բաժանում չստեղծուի կրօնի ու քաղաքականութեան միջեւ, բնաւ պիտի չունենանք ճշմարիտ ժողովրդավարութիւն մը։
Պատրիարքը խօսելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչերուն ու աղօթքին ըսաւ. ''Մենք երախտապարտ ենք Անոր։ Ս. Պետրոսի գահը բարձրանալէն ի վեր կը տառապի Սուրիացի քրիստոնեաներուն կրած տեղահանումին, հալածանքին ու սպանութեան ի տես։ Մենք վստահ ենք որ Սրբազան Հայրը պիտի շարունակէ պաշտպանել բոլոր կարօտեալներու ու տկարներուն դատը''։
Յայտնենք թէ ի շառս այլ դատապարտական կեցուածքներու` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր կարգին խստիւ դատապարտեց իսլամ պետութեան գործադրած ոճիրները Սուրիոյ քրիստոնեաներուն դէմ­, միջազգային հասարակութեան կոչ ուղղելով կարգադրութիւններ առնել պաշտպանելու սուրիոյ քրիստոնեաները եւ վերջ տալու եղբայրասպան այս ոճիրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.